«Վասպուրականի եւ Տարօնի մէջ բացի ըմբոստութենէն, անոնք չունէին դրական եւ մշակուած նպատակ:
Վասպուրականի յեղափոխութեան ծագման առաջին օրերէն, անոր պաշտօնական բոլոր առաջնորդները եղան Շուշեցիները: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցականներու մօտ` Վարդանը, Նիկոլ Դումանը եւ հետագային Ակնունին, Վանի Իշխանն, Վանի Արամ Մանուկեանը, Վանի Կոստին Համբարձումեանը եւ շատ ուրիշներ: Ղարաբաղը Վասպուրականի հետ այն սիւներէն է, որոնց վրայ կրնայ կանգուն մնալ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ գմբէթը»: Ախալքալաքցի Դաշնակ ՌՈՒԲԷՆ փաշա ՊԵՐԼԻՆ.- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցով ժամանեց Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլին, չորսօրեայ այցելութեամբ` Մարտ 31էն մինչեւ Ապրիլ 4: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Արցախի Արտաքին Գործոց փոխ նախարար Ֆելիքս Խաչատրեանը եւ Գերմանիոյ մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ` Յարութիւն Գրիգորեան: Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի Յունուար 15, 2008ի հրամանագրով բացուեցաւ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան մէջ Լ.Ղ.Հ. մշտական ներկայացուցչութիւն` նստավայր Պերլին: Մշտական ներկայացուցիչ նշանակուած էր տիկին Գայիանէ Ափինեան: Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ հասարակական եւ քաղաքական շրջաններուն եւ Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամներուն հետ: Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցին ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը, Լ.Ղ.Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցող տարածաշրջանի ինտեգրման գործընթացներուն մէջ համաեւրոպական կազմակերպութիւններու գործօն խնդրին առնչուող հրատապ հարցեր: Լ.Ղ.Հ. պատուիրակութիւնը Ապրիլ 1ին ժամը 10ին այցելեցին Եոհաննէս Լեփսիուսի Տուն Թանգարան, Փոթստա: Հիւրերուն դիմաւորեցին Տուն Թանգարանի տնօրէն` Ռոլֆ Հոսֆէլտը եւ Եոհաննէս Լեփսիուսի միութեան վարչութեան երկու անդամներ` Ուլի Հօֆմանը եւ Համօ Պետրոսեանը: Ռ. Հոսֆէլտը ցոյց տուաւ Տուն Թանգարանի եօթը սենեակները` գրադարանը, արխիւներու սենեակը, Եոհաննէս Լեփսիուսի նամակներու հաւաքածոն, Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ նկարներ եւ փաստեր: Եւ պատմեց Տուն Թանգարանի պատմութիւնը, գործունէութիւնը, նպատակները, Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստերի մասին եւ յիշեց Եոհաննէս Լեփսիուսի կեանքն ու գործը: Պրն. Աշոտ Ղուլեան գոհունակութիւն յայտնեց Տուն Թանգարանի կողմէ տարուող աշխատանքի համար եւ արձանագրութիւն կատարեց հաստատութեան հիւրերու պատուոյ գիրքին մէջ, եւ տնօրէնի հետ քննարկեց ապագայ համագործակցութեան զանազան հարցեր: Երեկոյեան ժամը 18:00ին Պերլինի Եւրոպական Ակադեմիայի մէջ փրոֆ. դոկտ. Էքհարտ Տ. Շթրաթէնշուլթէն ներկաներուն յայտարարեց Արցախի 12 նկարիչներու “Իմ Արցախ“ ցուցահանդէսին բացումը: Վերջին տասը տարիներու ստեղծուած նկարներու ընտրութիւնը կատարած էր Արցախի Մշակոյթի նախարարուհի Նարինէ Աղաբալեան: Նկարները Պերլինի մէջ ներկայացնելու հնարաւորութիւնը կազմակերպած էր Պերլինի Ազատ համալսարանի Արցախցի ուսանող Անդրանիկ Ասլանեան: Ցուցահանդէսի համակարգողը Պերլինի «Ինթերիոտազիըն» պատկերասրահի տէրն ու տնօրէն վարպետ նկարիչ երեւանցի Արչի Կալենցն էր: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են` Աշոտ Առաքելեանի, Սերգէյ Առուստամեանի, Զարմինէ Պապայեանի, Սամուէլ Գաբրիէլեանի, Զորիկ Գալստեանի` Յովիկ Գասպարեանի, Գէորգ Սարգսեանի, Գայեանէ Շուշեցու, Սամուէլ Թաւադեանի, Լենորդ Զաքարեանի ստեղծագործութիւնները: Ժամը 19ին, Եւրոպական Ակադեմիայի մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի Հանրապետութեան դերն ու նշանակութիւնը հարաւային Կովկասի զարգացման գործում» խորագրով նախաձեռնութիւն, որուն ընթացքին «Արցախի Հանրապետութիւնը այսօր, ակնկալիքները, մտահոգութիւնները, հեռանկարները» նիւթով իբրեւ գլխաւոր բանախօս հանդէս եկաւ ռուսերէնով Արցախի Խորհրդարանի նախագահ` հայրենասէր Աշոտ Ղուլեանը: Անդրադառնալով Արցախի Հանրապետութեան ձեւաւորման եւ կայացման գործընթացներուն ան իր խօսքին մէջ ներկայացուց ատրպէյճանականևղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման արդի հանգրուանը շեշտելով, որ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու ամենակարճ ուղին երկու անկախ պետութիւններուն Արցախի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղ գոյակցութեան հիմքերու ստեղծումն է: Ձեռնարկի երկրորդ բաժինով տեղի ունեցաւ բանավէճևքննարկում, որուն Աշոտ Ղուլեանէն բացի, հրաւիրուած էին նաեւ գերմանական խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Վոլֆկանկ Պորնսէն, Գիտութեան եւ քաղաքականութեան հիմնադրամէն Դոկտ. Ուվէ Հալպախ եւ Համպուրկի համալսարանէն իրաւաբանութեան Դոկտ. Օթօ Լիւչթերհանտ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահան Յովհաննէսեան եւս խօսեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութեան մասին: Բանավէճը վարեց հիմնարկի տնօրէն Դոկտ. Էքարթ Շթրաթընշուլթը: Հրաւիրուած փորձագէտները ներկայացուցած են իրենց տեսակէտները Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ձեռք բերման, ատրպէյճանականևղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած միջնորդական ջանքերու, տարածաշրջանային զարգացման հեռանկարներու եւ այլ հարցերու վերաբերեալ: Այնուհետեւ մասնակիցները կարելիութիւն ունեցած են բանախօսներուն դիմել տարաբնոյթ հարցերով: Այստեղ կարեւոր է յիշել որ սրահին մէջ ներկայ էին ատրպէյճանցի ուսանողներ, անոնց հարցերուն պատասխանեցին վերը յիշուած գերման փորձագէտները: Ձեռնարկէն վերջ պատուարժան նախագահ Աշոտ Ղուլեան պարգեւատրեց արցախահայութեան Ազգային Ազատագրական պայքարի ղարաբաղեան շարժման 25ամեակին նուիրուած ոսկեզոծուած յուշամետալով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միջազգային լրագրողներու միութեան անդամ, Եոհաննէս Լեփսիուսի միութեանևՓոթստամ, Արմին Թ. Վեկնըրի միութեանևՎուփըրթալ, կազմակերպութիւններու վարչութեան անդամ` դաշնակ Համօ Պետրոսեանին, ի հեճուկս հայ ժողովուրդին իր տարած աշխատանքներուն: Ապրիլ 2-ին, պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Գերմանիոյ խորհրդարանի երեք պատգամաւորներու հետ, քրիստոնեայևդեմոկրատներ Մայք Պերմանի ու ՔարլևՀայնց Հուպրի եւ Սոցիալևդեմոկրատ ՇթեֆէևՔլաուտիօ Լեմմէի հետ: Հանդիպումներու ընթացքին գերմանացի պատգամաւորներուն ներկայացուեցին Լ.Ղ.Հ. ի պետականաշինութեան գործընթացի առանձնայատկութիւնները: Միեւնոյն ժամանակ, շեշտուեցաւ միջազգային գործընթացներուն Արցախի ներգրաւման կարեւորութիւնը, ինչը լուրջ հիմք կարող է հանդիսանալ ժողովրդավարական արժէքներու եւ ազատութիւններու ամրապնդման գործին մէջ: Քննարկուեցին նաեւ ատրպէյճանևղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման առնչուող եւ տարածաշրջանային բնոյթի մի շարք հարցեր: Այս հանդիպումներուն եւս կը մասնակցէր արցախցի Անդրանիկ Ասլանեան: Նոյն օրը երեկոյեան Արեւելեան Պերլինի Լիշթենպերկ թաղամասի Աւետարանական ՓաուլևԿերհարտ եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի խորհրդարանի նախագահի հանդիպումը Պերլինի երեք հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Ներկայ էր եւս Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի տեղակալ Աշոտ Սմբատեան: Ողջոյնի խօսքով հիւրերուն դիմաւորեց Արեւելեան Պերլինի Եւրոպացի եւ Հայ մասնագէտների Ասոցիացիա հանրօգուտ կազմակերպութեան առաջին նախագահ Միքայէլ Մինասեան եւ ըսաւ.և«Մեծարգոյ նախագահ պարոն Աշոտ Ղուլեան,
Այս այցը կարելի է որակել Պերլինի հայերի պատմութեան մէջ որպէս պատմական եզակի պահ: Այժմ թոյլ տուէքհակիրճ ներկայացնել Պերլինահայ կազմակերպութիւնների դերն ու նշանակութիւնը հայերի համախմբման եւ հայապահպանման գործունէութիւնում: Աւանդական մեր երկու համայնքները` Պերլինի Եկեղեցական եւ Մշակութային Հայ Համայնքը, ինչպէս նաեւ Պերլինի Հայ Համայնքը ունենալով իրենց մշտական նստավայրը: Պերլինի եկեղեցական եւ մշակութային հայ համայնքում գերակշռում է Գերմանիայում Հայ Առաքելական եկեղեցական թեմի առաջնորդութեամբ հայերի հոգեւոր կարիքների սպասարկման գործունէութիւնը: Ապա Պերլինի հայ համայնքում առաւելապէս կազմակերպւում են կրթական, քաղաքական եւ գիտահանրամատչելի միջոցառումներ: Եւրոպացի եւ Հայ Մասնագէտների Ասոցիացիան, համեմատած մեր աւանդական վերոյիշեալ համայնաշների հետ, ունի ընդամէնը մէկ տարուայ փորձառութիւն եւ ջանում է իր առջեւ դրուած խնդիրների կատարումը հնարաւորինս արհեստավարժ ձեւով մատուցուելու իր գործունէութիւնում ներգրաւելով եւ համախմբերով մասնագէտների: 2010ի Հոկտեմբեր ամսից գործում է Պերլինի Հայկական դպրոցը, թւով 28 աշակերտներ եւ իւրաքանչիւրն ամսի առաջին Կիրակի օրը այս եկեղեցում տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Պատարագ»: Եւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական մասը, երգեցողութեամբ եւ ասմունքով աշակերտևաշակերտուհիներու կատարմամբ: Դիմելով ներկաներուն, Աշոտ Ղուլեանն արցախցիներու անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց գերմանահայ համայքնին` Լ.Ղ.Հ.ն ցուցաբերող մշտական օգնութեան եւ աջակցութեան համար եւ պատմեց վերջին տարիներուն Արցախի քաղաքական, տնտեսական եւ սոցիալական արձանագրուած յաջողութիւններու մասին: Ի նշան երախտագիտութեան, Պերլինի Հայկական Եկեղեցական եւ մշակութային համայնքը, Պերլինի Հայ Համայնքը եւ Հայ ու Եւրոպացի մասնագէտներու ասոցիացիան Լ.Ղ.Հ. Ազգային Ժողովի նախագահի կողմից պարգեւատրուեցին Արցախահայութեան ազգայինևազատագրական պայքարի ղարաբաղեան շարժման 25ամեակի յուշամետալով: Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ տօնական ճաշկերոյթ: Ապրիլ 3ին, նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Գերմանիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներուն հետ` քրիստոնեայևդեմոկրատ կուսակցութեան անդամներ Էլիզապէթ Մոչմանի, Քարսթէն Փոյրպերի եւ Ալպերթ Վայլերի հետ: Հանդիպումներու ընթացքին Արցախի խորհրդարանի նախագահը գերմանացի գործընկերներուն ներկայացրեց ԱտրպէյճանևՂարաբաղեան նախապատմութիւնը, ներկայ իրավիճակը եւ հնարաւոր զարգացումները, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Լ.Ղ.Հ. հռչակումէն յետոյ իրականացուած պետականաշինութեան եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու գործընթացներուն: Գերմանացի պատգամաւորներուն կը հետաքրքրէր նաեւ Արցախի տնտեսական եւ սոցիալական իրավիճակը, որի մասին Ա.Ժ. նախագահը համապատասխան պարզաբանումներ փոխանցեց: Պունդէսթակի պատգամաւորները միակարծիք էին ղարաբաղեան հիմնախնդիրը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելու հարցին մէջ: Լ.Ղ.Հ. պատուիրակութեան այցը Գերմանիա վերջացաւ Ապրիլ 4-ին: Նյութը` http://hairenikweekly.com